Ատանայէն Լոնտոն Անշիրիմ 90-ամեայ Որբը

ԱՏԱՆԱՅԷՆ ԼՈՆՏՈՆ ԱՆՇԻՐԻՄ 90-ԱՄԵԱՅ ՈՐԲԸ

Հրաչ Չիլինկիրեան

«ՅԱՌԱՋ» (Փարիզ) 78րդ Տարի, Թիւ 20484, Ուրբաթ, Օգոստոս 2, 2002 (PDF)

Յաճախ կը փորձենք անդրադառնալ անցեալի իրադարձութիւններուն, մեր հաւաքական պատմութեան եւ փորձառութիւններուն եւ կը փորձենք իմաստ մը գտնել դէպքերու մէջ, որոնք շատ անգամներ մարդկային ըմբռնումէ անդին են, ինչպէս ահաւոր Յեղասպանութիւնը: Բայց շատ անգամներ մեր աչքին առաջ եղած արժէքները չենք տեսներ։ Լոնտոնաբնակ 90-ամեայ Ռոզա Խտրեանը նման արժէք մըն էր։

Անձ մը որ նոյնիսկ կեանքի ամենադաժան փորձառութեան մէջ ունէր գոյատեւելու եւ ծառայելու հաւատք, եռանդ: Անձնուէր մայրիկ մը որ Հայաստանի որբերուն համար, բառացիօրէն մուրացկանութեամբ մեծ դումարներ ղրկած էր: Այս տողերը իր կեանքն ու յիշատակը յարգելու եւ իր օրինակը չմոռնալու ջանք մըն են։

Ռոզա Խտրեան, որբ մը, որ ամբողջ կեանքը ապրեցաւ «որբութեան» մէջ, իր մահկանացուն կնքեց Յուլիս 13-ին, ու մնաց անշիրիմ։ Ռասըլ Կրինի դիակիզարանը իր «պատմութեան» վերջակէտն էր։ Ռոզան, (ինչպէս բոլորին ծանօթ էր իր առաջին անունով) իր մէջ կը խտացնէր գաղթաշխարհի մեր պատմութիւնը, աւելին, ան նրբագոյն մարմնացումն էր ոգիի մը, որ թէ զուտ հայկական էր եւ թէ համամարդկային:

Ծնած էր 1912 թուականին՝ Ատանայի մէջ, ըլլալով հարուստ ընտանիքի մը զաւակը։ Երեք տարեկանին որբացած էր, երբ իր ծնողները ջարդուած էին ցեղասպանութեան ընթացքին: Իր այրած եւ ձեւախախտուած աջ ձեռքը ցոյց տալով, Ռոզան կը բացատրէր. «Երեք տարեկանէս ի վեր Թուրքերը այս նշանը ինծի ձգեցին ամբողջ կեանքիս ընթացքին: Թուրքերը կարծեր են, որ ես ալ կը մեռնիմ, բայց փառք Տիրոջ՝ որ միայն ձեռքս այրեր է»:

Ուրիշ որբերու հետ միասին Ռոզա Ատանայի մէջ որբանոց մը կը ղրկուի, Սկովտացի միսիոնարներու խնամքին տակ: 12 տարեկանին կ'անցնի ուրիշ որբանոց մը Լիբանանի մէջ։ Հազիւ թէ կը յիշէ իր ծնողները։ Սակայն կը յիշէ թէ որբանոցին մէջ մարդիկ զինք մատնանիչ կ'ընէին լսելով. «Հարուստ Խաչիկին աղջիկն է»:

14 տարեկանին, բաժնուելով որբանոցէն, կ'անցնի Պաղեստինի Նազարէթ քաղաքը այնտեղ ուսանելու եւ պատրաստուելու համար որպէս բուժքոյր: Սակայն իր հիւանդութեան պատճառով, ան չի կրնար աւարտել պահանջած դասընթացքները եւ իրեն կը թելադրուի, որ երեխաներու հոգատար մը ըլլայ: Նախ ան որպէս հոգատար կը խնամէ Նազարէթի հիւանդանոցի առողջապահ բժիշկին զաւակները: Այնուհետեւ ան հոգ կը տանի Երուսաղէմի Լեh hիւպատոսին երեխաներուն, եւ ապա երկար տարիներ կ'աշխատի որպէս հոգատար անգլիացի շարք մը ընտանիքներու մօտ։

Ընտանիքներու երկար ցանկին մէջ Ուիլսըններն էին, անգլիացի լրագրողներ, որոնք որպէս թղթակիցներ կ'աշխատէին Երուսաղէմի մէջ։ Ռոզա կը մեծցնէ անոնց երկու զաւակները։ Այդ ընտանիքին հետ երկու տարի Լիբանան ապրելէ ետք, 1957 թուին Սուրբ Ծննդեան տօնին օրը Տիկին Ուիլսըն կ'ըսէ՝ «Ռոզա, պատրաստուէ տուն պիտի երթանք», ու անոնց հետ մեկնելով Լոնտոն կը հաստատուի: Ռոզա անգլիական անցագիր կը ստանայ 1964-ին։ Բայց եւ այնպէս, Ռոզայի յարաբերութիւնը Ուիլսըն ընտանիքին հետ վերջ չի գտներ երբ անոնց երեխաները կը մեծնան ու այլեւս խնամքի պէտք չեն ունենար։ 1966-ին Ռոզա երեխաներուն մեծ մօր տան հոգատարը կ'ըլլայ եւ յաջորդ 21 տարիները կ'ապրի ընտանիքին հետ, Լոնտոնի արուարձաններէն մէկուն մէջ։

Ուիլսըններու մեծ մօր մահէն ետք, 75 տարեկանին, Ռոզան առաջին անգամ ըլլալով իր սեփական բնակարանը կ'ունենայ, Լոնտոնի ծերանոցի մը մէջ, փոքրիկ սենեակ մը որուն պատերուն վրայ կախուած էին լուսանկարներ, թերթիկներ եւ յիշատակելի այլ իրեղէններ: «Ասիկա իմ թանգարանս է», կը սիրէր ըսել Ռոզան իրեն այցելողներուն:

Ռոզային ապրած փոքրիկ սենեակին մէջ կուտակուած էին բրդեղէն, հիւսուած քառակուսիներ եւ ծածկոցներ, բոլորն ալ պայծառ գոյներով, որովհետեւ «երեխաները կը սիրեն պայծառ գոյները», կ'ըսէր ան։

1976-ին Ռոզա կ'արձանագրուի որպէս կամաւոր Save the Children միջազգային կազմակերպութեան եւ կը շարունակէ օգնել անոնց իր աւելի քան 20 տարիներու նուիրեալ ծառայութեամբ, որուն համար ստացած էր բազմաթիւ գնահատական նամակներ եւ պատուոյ գիրեր: Հազարաւոր ձեռագործ ծածկոցներ գործած էր, ինչպէս նաեւ հիւսած բրդեղէններ, վզկապներ եւ գլխարկներ աշխարհի զանազան կողմերը ապրող կարիքաւոր երեխաներուն համար։ Իր աշխատանքին արդիւնքը, իր պատրաստածները մինչեւ իսկ Վիէթնամ հասած էին: Ան կը հաւաքէր նաեւ այլեւս մեծցած երեխաներուն մաքուր հագուստները իր բարեկամներէն եւ դրամ ապահովելով, կ'ուղարկէր կարօտեալներուն:

Ժպիտով, կատակով եւ ներքին զօրութեամբ, ան կ'արդարացնէր իր երկար տարիներու աշխատանքն ու նուիրեալ ծառայութիւնները ըսելով. ««Եթէ զբաղած չես, ինքզինքիդ մասին կը խորհիս: Ատիկա ճիշդ չէ։ Աստուած ինծի երկու ձեռք տուած է եւ ես տակաւին կ'աշխատիմ»։

1988-ի Հայաստանի երկրաշարժը Ռոզայի կեանքին գլխաւոր հանգրուաններէն մին էր: Ան կ'ըսէր. «Աստուած զիս առաջնորդեց, որ Հայաստանին օգնեմ: Օր մը երբ ես լաւ չէի զգար, Յիսուս ինծի յայտնուեցաւ եւ ըսաւ. «Ռոզա՛, ահաւասիկ քիչ մը փող քեզի համար եւ կեանքիդ մէջ դուն ուրիշ բանի պէտք չունիս»։ Այդ օրէն սկսեալ, որոշեցի որ իմ բոլոր ունեցածներս պիտի ղրկեմ Հայաստանի երեխաներուն: Երկրաշարժէն ի վեր, Հայաստան օգնութիւն կը ղրկեմ»:

Արդարեւ, անցնող 14 տարիներէ ի վեր, Հայաստանի երեխաներուն մասին մտահոգութիւնը Ռոզային կեանքը եղած էր: Ամէն Կիրակի, նշանաւոր կարմիր-կապոյտ-նարնջագոյն իր իսկ հիւսած բուրդ գլխարկով, Սուրբ Սարգիս Հայոց Եկեղեցիին դրան առջեւ կենալով, ան կ'ողջունէր պաշտամունքի եկողները եւ փոքրիկ տուփիկ մը կ'երկարէր անոնց ազնուութեամբ խնդրելով. «Օգնեցէք Հայաստանի որբերուն ասիկա Հայաստանի երեխաներուն համար է»: Ու Ռոզան, ցաւօք, աննկուն կերպով կը կրկնէր. «Հայերը զիս մուրացկան կը կոչեն, սակայն ես նույնիսկ աղբահաւաք կ'ըլլամ Հայաստանին օգնելու համար։ Հոգ չեմ ըներ թէ հայեր, զիս ինչ էք կոչեն»:

Շաբթուան ընթացքին Ռոզան Մաք-Դոնալտ եւ այլ ճաշարաններու դիմաց դրամ կը հաւաքէր Հայաստանի երեխաներուն համար։ Ամսուն վերջը, իր հաւաքած գումարին կրկնապատիկը կ'աւելցնէր ստացած սահմանափակ թոշակէն ու դրամը կը ղրկէր հայրենիք՝ Անգլիոյ համահայկական «Հայաստան Հիմնադրամ»ին միջոցաւ: Ան վստահութեամբ կ'ըսէր. «Ես դրամի մասին չեմ մտահոգուիր, ես մէկ ոսկիով իսկ կ'ապրիմ: Աստուած կը ղրկէ: Անոր համար ես բնաւ հոգ չեմ ըներ»:

Մինչեւ վերջերս, ցեղասպանութենէն վերապրող 90-ամեայ այս մայրիկը, թէեւ մարմնով տկար, սակայն յարատեւող այս մայրիկը, աւելի քան 50.000 տոլար ղրկած է Հայաստանի երեխաներուն եւ կարօտեալներուն ի նպաստ: Ան առանց զիջումի կը հաւաքէր նպաստներ, բառացիօրէն կաթիլ առ կաթիլ, փոքրիկ գումարները խնայելով, ազնուաբար մուրալով եւ իր ամբողջ ունեցածը տալով Հայաստանին:

1992-ին Ռոզա այցելեց Հայաստան մասնակցելու համար Վանաձորի (Կիրովական) մէջ հիւանդանոցի մը բացումին, որուն համար ինք դրամ հաւաքած էր։ Հիւանդանոցին մէջ սենեակ մը իր անունով կոչուեցաւ: Հանդիսութեան ընթացքին Ռոզա ընկոյզի ծառ մը տնկեց հիւանդանոցի պարտէզին մէջ: Ան կը բացատրէր ըսելով. «Երբ որ իմ անունով սենեակին պատուհանէն դուրս նայիս, պիտի տեսնես այն ծառը որ ես տնկեցի: Ես ուզեցի ծառ մը տնկել որպէսզի ան շուք տայ եւ հաճելի տեսարան մը հիւանդներուն»:

Ու կը շարունակէր. «Որքան որ ես կու տամ Աստուած անկէ աւելի կու տայ, որպէսզի ես օգնեմ: Աստուծոյ փառք կուտամ, որ ես Հայաստան օգնութիւն կրնամ ղրկել եւ պիտի ղրկեմ մինչեւ այն ատեն որ անոնք կարիքը ունին: Հայաստանի եւ յատկապէս Հայաստանի երեխաներուն համար աշխատիլը ինծի համար առանձնաշնորհում մըն է»։

1996-ին Ռոզային տրուեցաւ Հայաստանի անցագիր մը, կառավարութեան մասնաւոր հրամանագրով, որով Հայաստանի քաղաքացիութիւն շնորհուեցաւ ցեղասպանութենէն վերապրողներուն: Սա իր կեանքին ամէնէն նշանակալից դէպքն է։ «Հայաստանի քաղաքացի ըլլալէս ի վեր, ես տարբեր կը զգամ, ես չափազանց ուրախ եմ: Մինչեւ Հայաստանի անցագիր ստանալս, ամբողջ կեանքս կ'ապրէի օտարներու հետ, ինքզինքս զուտ հայ չէի զգար։ Ես ամբողջութեամբ հայ չէի, որովհետեւ հայկական անցագիր չունէի: Միայն անունով հայ էի, որովհետեւ շատ մը օտարներ ինձ այսպէս կը կոչէին: Այժմ այնպէս կը զգամ, թէ կարծէք վանդակէն դուրս կուգամ եւ ազատ եմ, ազատ թռչելու: Հիմա գիտեմ թէ ես իսկական հայ եմ: Հայկական անցագիր ունենալը կեանքիս ամէնէն կարեւոր բանն է, որովհետեւ ես ինքզինքս մինակ կը զգայի տարբեր ազգութիւններու միջեւ բնակելով, իսկ այժմ ես իմ ազգիս պատկանելիութեան զգացումը ունիմ: Ամբողջ կեանքիս ընթացքին ես անգլերէն խօսած եմ, որբանոցի օրերէն մինչեւ հիմա, սակայն ես չեմ մոռցած իմ մայրենի լեզուս»:

Հայաստանի նկատմամբ Ռոզային ունեցած սէրն ու մտահոգութիւնը անսակարկելի էր։ Ան վստահ էր, ինչպէս կ'ըսէր, որ «Հայաստան շատ լաւ պիտի ըլլայ ապագային», սակայն կը զգուշացնէր. «Հայաստանի նախագահը շատ ուշադիր պէտք է ըլլայ, որ Հայերը իրենց տուները չծախեն Թուրքերուն կամ օտարներուն։ Ան մասնաւոր յայտարարութիւն մը պէտք է հանէ, որ Հայերը չծախեն իրենց տուները։ Մենք հոս շատ կ'աշխատինք իրենց օգնելու համար, որպէսզի հայ որբերը ուտելիքով կշտանան եւ մեծնան ու լաւ մարդիկ դառնան»։

Բացի Հայաստանէն Ռոզա կը շարունակէր օգնել իր շրջանի կարօտեալներուն: Երբ ես իրեն այցելեցի, տակաւին նոր աւարտած էր 16 հատ ձեռագործ ծածկոցներ Լոնտոնի երեխաներու հիւանդանոցին: Ու Ռոզան բացատրեց. «Ես ծածկոցներ հիւսեցի, որպէսզի երեխաները կարենան իրենց ծունկերը ծածկել երբ անոնք սայլակներու մէջ են։ Անոնք երախտապարտ են ինչ որ կարենանք ընել իրենց համար եւ պէտք չունին գիտնալու թէ ով է իրենց օգնողը, կարեւորը այն է, որ անոնք օգնութիւն կը ստանան»:

Ռոզա Խտրեանի մէջ կարելի էր տեսնել Հայաստանի անցեալն ու ներկան: Միայնակ եւ որբ: Ռոզայի կեանքը իր կատարելութեան հասաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումով։ Անոր անձնական տառապանքը, պայքարն էր ցեղասպանութենէն բոլոր վերապրողներուն եւ իսկականին մէջ, հայ ազգի անցնող տասնամեակներու փորձառութիւնը։

Մեր ազգին Ռոզա Խտրեանները, իրենց զօրաւոր կամքով, յարատեւութեամբ եւ քաջութեամբ, պահպանած են մեր ցրուցան ժողովուրդը բոլոր դժուարութիւններուն դէմ: Անոնք ապրող սուրբեր են եւ մարմնացումն են մեր ազգային արժէքներուն. անոնք շօշափելի փաստն են, որ ազգ մը որ բոլորովին իր գոյութիւնը կորսնցնելու վրայ էր, տակաւին ինքզինք կրնայ նուիրել ամբողջ մարդկութեան։

Ինչպէս Ռոզա պիտի ըսէր. «Աշխարհի մէջ մարդիկ գութ ունին, անոնք հոգ տանելու խիղճ ունին եւ մենք պէտք է փառք տանք ատոր համար։ Կեանքիդ ընթացքին պէտք է օգտակար հանդիսանաս մարդոց: Սա է իմ տեսակէտս»։ Իրօք, Ռոզայի «տեսակէտը» դիպուկ պատգամ է բոլորին։

Լոնտոն

2026-07-27
e-mail: info@hrach.info
Copyright © 2026 Hratch Tchilingirian. All rights reserved.