Հարցազրոյց ընկերաբան, սփիւռքագէտ Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի հետ
Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան հասարակաբան, սփիւռքագէտ եւ համալսարանի դասախօս է։ 12 տարի պաշտօնավարած է Օքսֆորտի համալսարանի Ասիական եւ Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնագիտական ամպիոնին մէջ, մինչ այդ՝ 10 տարի Քեմպրիճի համալսարանին մէջ։ 2021 թուականէն ի վեր Փարիզի INALCO համալսարանի հայկական ամպիոնին մէջ դասախօս է։ 2019–2022 թուականներուն ղեկավարած է Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ» մեծածաւալ ուսումնասիրական ծրագիրը։ 2024-էն ի վեր Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի «Հաստատութենական նորարարութիւն» նախաձեռնութեան վարիչն է: Հրատարակած է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ, ինչպէս նաեւ հեղինակն է շարք մը մենագրութիւններու: Հարցազրոյցը կը պարզաբանէ Հաստատութենական նորարարութեան ծրագիրը:
«Նոր Յառաջ».- Ի՞նչ է եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը Սփիւռքի մէջ՝ 21-րդ դարուն:
Հրաչ Չիլինկիրեան.- Ընդհանրապէս մեր ազգային խօսոյթին մէջ անընդհատ կը կրկնենք, որ եկեղեցին շատ կարեւոր դեր ունի ազգ. կեանքին մէջ, ինքնութիւն, լեզու եւ մշակոյթ պահած է: Եթէ արագ ակնարկ մը նետենք 19-րդ դարուն Պոլսոյ, մասնաւորաբար Մաղաքիա Օրմանեան պատրիարքի մտածողութեան՝ իր հեղինակած «Հայ Ազգութիւն» հրատարակութեան մէջ հայկական ինքնութեան համար ամէնէն կարեւորներն են եկեղեցին, լեզուն-մշակոյթը, եւ դաստիարակութիւն: Այս երեք սիւներն էին, որոնք ձեւով մը կը բնորոշէին ազգային կեանքը: Չմոռնանք որ ընդհանուր շրջագիծը Միլլէթ համակարգն էր, թէ մենք կրօնքի միջոցաւ սահմանուած ազգութիւն մըն էինք Օսմանեան կայսրութեան մէջ ինչպէս միւս փոքրամասնութիւնները: Հիմա եթէ տեղափոխուինք 21-րդ դար, կը տեսնենք որ հսկայական փոխակերպումներ տեղի ունեցած են ոչ միայն քաղաքական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու մէջ, այլ նաեւ մեր ազգային կեանքին մէջ: Կը տեսնենք որ այսօր, ըստ մեր վերջին տարիներու ուսումնասիրութեան, հայկական ինքնութիւնը կը սահմանուի հիմնական երեք գործօններով, որոնց մէջ եկեղեցին չկայ. ընտանիքը, լեզուն եւ մշակոյթը: Եկեղեցին այսօրուան Սփիւռքի մէջ ապրող հայուն համար առաջնահերթ դիրքը չունի: Կը կարծեմ որ սա կարեւոր փոխակերպութիւն մըն է որ տեղի ունեցած է անցնող 100-է աւելի տարիներուն ընթացքին, որ նոյնիսկ մեր ինքնահասկացութեան մէջ չենք վերլուծած այս փոփոխութիւններուն նշանակութիւնը մեր այսօուան կեանքին մէջ:
Երկրորդ կարեւոր եւ հսկայական փոփոխութիւնը հայկական պետականութեան վերականգնումն էր, գոնէ 1991-էն ի վեր: Եթէ մինչ այդ՝ 600 տարի պետականութիւն չունէինք, եկեղեցին՝ իբր կառոյց, խաղցաւ ձեւով մը պետականութեան դերը հայ ժողովուրդի կեանքին՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ցարական Ռուսաստանի մէջ: Այստեղ նրբութիւն մը կայ որ պէտք է ընդգծուի. Այո՛, եկեղեցին դարերով այդ դերը խաղցեր է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, բայց նաեւ ձեւով մը պարտադրուած պարտաւորութիւն մը եղած է ասիկա պետութիւններու կողմէ: Այսինքն մինչեւ 19-րդ դար ամբողջ աշխարհի մէջ կրօնքը հիմնական դեր կը խաղար, գրեթէ բոլոր ժողովուրդներու կեանքին մէջ, հետեւաբար մենք եւս նոյն համակարգին մէջ ունեցած ենք նման դրսեւորում: Բայց 21-րդ դարուն երբ կը խօսինք մեր եկեղեցւոյ կամ ազգ. կառոյցներուն մասին, տակաւին 19-րդ եւ 20-րդ դարու կէսերու կաղապարին մէջ է որ կը տեսնենք կամ այդ շրջագիծի մէջ է որ կը փորձենք հասկնալ: Հոս է որ հասկացութեան բախումներուն հետ դէմ հանդիման կը գտնուինք: Հասարակութիւնը 21-րդ դար կ'ապրի, կառոյցները իրենք զիրենք կը դրսեւորեն նախկին հասկացութիւններով, հոս է որ կը գոյանայ բախումը: Կը կարծեմ որ այսօրուան ընդհանուր պատկերը այս պատմական զարգացումներն են, որոնք պէտք է նկատի առնենք եթէ կ'ուզենք աւելի առաջ երթալ եւ հարցերը, որ ունինք, կարգաւորել աւելի դրական իմաստով, որովհետեւ եթէ պէտք է լուծումներ գտնենք, պէտք է մտածենք ինչ ազդեցութիւն կամ ներգործութիւն կրնան ունենալ այդ լուծումները: Այլապէս կարելի է շատ յայտարարութիւններ ընել, բայց վերջաւորութեան ոչինչ ստանալ:
«ՆՅ».- Հիմա եթէ ընդհանրապէս համաշխարհային վիճակը նկատի առնենք, կը տեսնենք որ կրօնքի վերադարձ մը կայ, աջակողմեան գաղափարախօսութիւնները ընդգծելիօրէն արդէն իսկ յառաջխաղացում արձանագրած են, նոյնիսկ ծայրահեղ աջը, որուն մէջ նաեւ կրօնական համոզումները, հաւատալիքները շատ մեծ դեր ունին: Առնենք Պարսկաստանը, Իսրայէլը, Լիբանանը, Ամերիկան, ուր հայութիւնը կարեւոր ներկայութիւն է, հոն ալ կրօնքը կարեւոր դեր ունի: Ուրեմն կրօնքը տեղ ունի եւ կարեւոր ազդակ մըն է այսօրուան հասարակութեան մէջ: Հայութիւնը չի կրնար այս ամբողջէն զերծ մնալ: Կրօնքի ներթափանցման ազդեցութեան նոր թափ մը ստեղծուած է ամէնուր: Այս բոլորին մէջ հայ առաքելական եկեղեցին եւ միւս յարանուանութիւնները ինչպէ՞ս կը տեղաւորուին եւ ինչպէ՞ս կը տեսնեն 21-րդ դարու Սփիւռքի մեր կազմակերպութեան մէջ իրենց դերակատարութիւնը:
Հ. Չ.- Կրօնք կայ եւ հաւատք կայ: Կրօնքը շատ անգամ կ'օգտագործուի որոշ գաղափարախօսութիւն մը առաջ տանելու կամ ազգայնական կարգախօսներ կամ փիլիսոփայութիւն մը առաջ տանելու: Կը տեսնենք որ, կրօնքի պարագային, օգտագործուած են քաղաքական կամ այլ միաւորներու կողմէ, որպէսզի տարածեն իրենց քաղաքական շահերը եւ այլն: Հոս պէտք է զգոյշ ըլլանք, երբ կրօնք կ'ըսենք, պայման չէ որ եկեղեցւոյ մասին ըլլայ խօսքը: Կրօնքը ընդհանուր հասարակութեան կեանքին մէջ հիմնարկ մըն է:
«ՆՅ».- Փակագիծ մը բանամ այս ակնարկիդ հիման վրայ, ըսելով որ հայ առաքելական եկեղեցին եւս օգտագործուած է իբր քաղաքական միջոց տիրապետելու եւ կառավարելու հայ համայնքը: Մենք չէ որ որոշած ենք այդպէս ըլլալ, այլ մեզի պարտադրուած է այդ պարագան: Այսօրուան քաղաքական դրութիւնը նկատի ունենալով, կրօնքը եւ հայ եկեղեցին իբր կրօնական հաստատութիւն գիտակի՞ց է այս երեւոյթին եւ որքանո՞վ կրնայ շրջանցել կամ դուրս գալ կամ այնպիսի գործառոյթներ կատարել որոնք բարոյական արժէքներու, փիլիսոփայական արժէքներու սահմանին մէջ կը գործեն եւ իսկական կազմակերպչական կարողութիւն մը կ'ունենան, որ հայութիւնը կարենայ Սփիւռքի մէջ իր տեղը գտնել եւ ընդհանուր զարգացման հոսանքներէն դուրս չմնալ:
Հ. Չ.- Առնենք 21-րդ դարու հայ Սփիւռքը: Որպէս երրորդ փոխակերպութիւն նշեմ որպէս շարունակութիւնը վերը նշուած երկուքին, Սփիւռքի արեւմտայնացումն է, այսինքն վերջին 50 տարուան ընթացքին Միջին Արեւելքի մեր համայնքներուն հոսքը դէպի արեւմուտք՝ տարբեր պատճառներով: Եթէ այս իրականութիւնը նկատի ունենանք մենք Միլլէթ համակարգի մէջ չենք ապրիր այլեւս, մանաւանդ արեւմտեան երկիրներուն մէջ: Միջին Արեւելքի մէջ տակաւին այդ համակարգին մնացորդները կան, որովհետեւ իսլամ երկիրներուն մէջ հայութիւնը կամ քրիստոնէաները տակաւին կ’ապրին որպէս կրօնական փոքրամասնութիւններ եւ պետութիւնը զիրենք կը տեսնէ իբր այդ: Բայց այսօր Սփիւռքի մեծամասնութիւնը կ’ապրի արեւմուտքի մէջ: Այստեղ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան վրայ որեւէ պարտաւորութիւն չէ դրուած, որ հայութիւնը ներկայացնէ այդ երկրի պետութեան մօտ կամ քաղաքական այդ գործառոյթներուն մէջ մտնէ, որովհետեւ բաժնուած է եկեղեցի եւ պետութիւն: Ահաւասիկ մենք Սփիւռքի մէջ այսօր ունինք լրիւ ուրիշ պատկեր մը, իրականութիւն մը: Այսօր եկեղեցին որպէս բարոյականութիւն, որպէս հաւատք, որպէս քրիստոնէութիւն, որպէս արժեհամակարգ ի՞նչ պիտի փոխանցէ եւ ինչպէ՞ս պիտի փոխանցէ Սփիւռքի մէջ ապրող հայ մարդուն: Աս է ամենամեծ խնդիրը եւ մարդոց սպասմունքը:
Օրինակի համար՝ Հայաստանի մէջ անընդհատ կը խօսուի «ազգային արժեհամակարգի», «ազգային արժէքներու» մասին, բայց ես գրեթէ չեմ լսած որո՞նք են այդ արժէքները: Կը խօսինք ընդհանուր վերացական ստորոգելիներու մասին, բայց չենք գիտեր որո՞նք են մեր ազգային փոխանցելի արժէքները: Գալով եկեղեցիին, եկեղեցին յստակ առաքելութիւն մը ունի, սկիզբէն ունեցած է յստակ հոգեւոր քրիստոնէական քարոզչական առաքելութիւն մը եւ այսօր դժուար է ըսել, թէ յստակ ի՞նչ է այդ առաքելութիւնը 21-րդ դարուն: Հոս է որ, իմ փորձառութեամբ եւ ուսումնասիրութեամբ, Սփիւռքի մէջ գոնէ մարդիկ կը սպասեն որ եկեղեցին ա՛յդ դերը խաղայ՝ արժեհամակարգը ձեւաւորելու, պահպանելու, կենսունակ պահելու դերին մէջ մնայ եւ ոչ թէ քաղաքական կամ աշխարհիկ դերերուն մէջ աւելի ծաւալ ունենայ իր աշխատանքներով:
«ՆՅ».- Ուրեմն, եթէ այսպէս նայինք հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաքելութեան, ի՞նչն է որ կը պակսի, պէտք է փոխուի, պէտք է բարեփոխուի: Նիւթ մըն է, որ հաւանաբար ձեր առաքելութեան մէջ կը մտնէ՝ Ամերիկայի արեւմտեան ափի հաստատութենական նորարարութեան ծիրէն ներս:
Հ. Չ.-Նախ կ’ուզեմ շեշտել Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ղեկավար դերը այս բոլոր նորարարական մօտեցումներու որդեգրման եւ նախաձեռնութեան ստեղծման մէջ: Հիմնական նպատակն է, ինչպէ՞ս քրիստոնէական հաւատքը եւ հայկական մշակոյթի ժառանգութիւնը կենսունակ դարձնել իւրաքանչիւր հայու առօրեայ կեանքին մէջ: Այսինքն այնպիսի ծրագրեր ստեղծենք, այնպիսի գործընթացներ սկսինք, որ հայ մարդու առօրեայ կեանքին մէջ հաւատքը եւ մշակոյթը ըլլան իրական ապրուած փորձառութիւններ: Անշուշտ ասոնք ի գործ դնելու համար քայլեր կան: Առաջինը՝ աշխատեցանք նախ սահմանել Արեւմտեան թեմի առաքելութիւնը, տեսիլքը եւ արժէքները (տե՛ս. Յաջորդ էջը): Այսօր հանրայնօրէն կրնայ ամէն ոք տեսնել նշուած երեքը պաստառի վրայ, որպէսզի հասարակ ըմբռնում մը եւ հասկացութիւն մը ըլլայ ամբողջ թեմական գետնի վրայ, որ բոլորն ալ նոյն հասկացութեամբ եւ նոյն ուղղութեամբ սկսին աշխատիլ: Առաջին հերթին այս աշխատանքը տարուեցաւ, որ տեւեց չորս ամիս, նախնական գրաւոր սահմանումները պատրաստուեցան, ուղարկուեցան բոլոր համայնքներուն, որպէսզի կարդան, իրենց կարծիքը տան, փոփոխութիւններ առաջարկեն եւ այդ գործընթացի վերջաւորութեան ունեցանք վերջնական տարբերակը, որ այսօր արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցուներու մուտքին մեծ պաստառներու վրայ ցուցադրուած են:
Երկրորդ կարեւոր կէտը կը վերաբերի ամբողջ թեմի ղեկավարութեան հետ սկսած նոր աշխատանք. արեւմտեան թեմը ամենամեծն է թիւով, ունի աւելի քան 1.000 հոգի իր ղեկավար ցանցին մէջ, որոնք ամէնօրեայ դրութեամբ զանազան պաշտօններով, վարչային գոծարքներով, այս կամ այն ձեւով ներգրաւուած են թեմական աշխատանքներուն մէջ: Կան աւելի քան 450 ծխական խորհուրդի անդամներ, 300-է աւելի սարկաւագներ, 200-է աւելի ուսուցիչ շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու, մօտ 3.000 աշակերտ: Ուրեմն այդ հաստատութենական նորարարութեան սկզբունքներէն մէկն է՝ ինչպէ՞ս կրնանք ներքին իմաստով այս նորարարութիւնը սկսիլ ղեկավար տարրէն, այն մարդոցմէ, որոնք շունչ կու տան, քայլերու կը ձեռնարկեն: Տարբեր ծրագրեր ունինք, կ’աշխատինք ղեկավարութեան հետ տարբեր շրջանակներու մէջ, իրենց վերաբերող նիւթեր, նոր գաղափարներ կ’արծարծենք, նոր ծրագրեր կը մշակենք:
Երրորդ՝ պիտի ստեղծուի նորարարական եւ միտիայի կեդրոն մը առաջնորդարանէն ներս: Այս կեդրոնին հիմնական նպատակն ու առաքելութիւնը բովանդակութիւն արտադրելն է: Վերջ ի վերջոյ եկեղեցին նաեւ բովանդակութեան մասին է. քարոզչութիւնը, Ս. գիրքի սերտողութիւնը, դաստիարակչական նիւթերը եւ այլն: Եթէ կ’ուզենք որ հաւատքն ու մշակոյթը կենսունակ մնան, պէտք է նաեւ բովանդակութիւնը տանք մարդուն, որպէսզի աւելի գիտակցուած եւ հարուստ գիտելիքներով ապրի իր հաւատքը եւ ազգային ինքնութիւնը:
«ՆՅ».- Երբ եկեղեցի կ’ըսենք, կեդրոնական դերակատարը հոգեւոր հովիւն է, որովհետեւ ինքն է միջնորդը համայնքի եւ Աստուծոյ: Բնականաբար հոգեւոր հովիւին պատրաստութիւնը շատ կարեւոր դեր ունի այս բոլորին մէջ: Արդեօք այսօր հոգեւոր հովիւներու պատրաստութիւնը, որոնք Էջմիածնի մէջ կը պատրաստուին եւ Հայաստանեան մթնոլորտի մէջ կը մեծնան, որքանո՞վ իրենք կը ներառնեն սփիւռքեան ազդակը, սփիւռքեան ամբողջ իրավիճակը, տեղեակ են հոգեբանութեան, լեզուին, պետութեան օրէնքներուն, հոն ուր պիտի ուղեւորուին, հոգեւոր արժէքներու իմացութեան նաեւ:
Հ. Չ.- Երկու հիմնական կէտ կայ այս հարցին մէջ: Առաջինը՝ նախ պէտք է ըսենք որ հոգեւորականութեան կամ հոգեւոր կոչում ունեցողներուն թիւը անցնող տասնամեակներուն նուազած է ընդհանրապէս: Սա միայն հայ եկեղեցւոյ յատուկ չէ: Աշխարհիկացման գործընթացին հետեւանքն է անցնող 50-60 տարուան ընթացքին: Որպէս հայութիւն մեզի համար ալ հարց է այս մէկը: Գալով հոգեւորականներու պատրաստութեան հարցին, հոն ուրիշ մէծ հարց մը կայ: Կը տեսնենք որ Սփիւռքը հոգեւորականներ չ’արտադրեր: Այսօր եթէ նայինք, ներկայ հոգեւորականներու գրեթէ 90 տոկոսը Հայաստան ծնած աշակերտներ են, ճեմարանականներ, որոնք հոգեւորական կը դառնան: Այս մասին յօդուած մը ունիմ մօտ 15 տարի առաջ գրուած, թէ Սփիւռքի այս իրողութիւնը մեծ խնդիր է երկարաժամկէտ նայելով եկեղեցւոյ եւ համայնքներու կեանքին: Այսինքն եթէ անընդհատ դուրսէն պիտի գան հոգեւորականները, նոր սերունդին հետ առնչութիւն չեն ունենար ընդհանրապէս, լեզուին կամ մշակոյթին ծանօթ չեն: Եթէ տուեալ երկրին լեզուն չեն գիտեր, երիտասարդներուն հետ հաղորդակցութիւն չեն ունենար, որովհետեւ երիտասարդները, ուզենք կամ չուզենք, հայախօս չեն: Յօդուածիս մէջ սա կոչած եմ «Սփիւռքի եկեղեցւոյ հայաստանացումը»: Ահա թէ ինչու եկեղեցին եւ համայնքը իրարմէ կը հեռանան, փոխանակ զիրար լրացնելու: Պարզապէս իրականութիւն մըն է, որ պէտք է ընդունինք, խօսինք եւ տեսնենք ի՞նչ են լուծումները:
«ՆՅ».- Նորարարութեան համար որքա՞ն պիւտճէական յատկացում կայ, որովհետեւ նորարարութիւնը կ’ենթադրէ փոփոխութիւններ, նոր կառոյցներ, նոր միջավայր: Որքանո՞վ այս աշխատանքին մէջ ներգրաւուած անձերը մասնագիտական գետնի վրայ վարձատրութեան արժանի են կամ սիրողական է մասնակցութիւնը: Արդեօք նախատեսուա՞ծ է որոշ դրամագլուխ մը:
Հ. Չ.- Այսօր առանց մասնագիտական մօտեցումի չենք կրնար շատ առաջ երթալ: Մէկ բան շատ կարեւոր է, այսօր մեր կառոյցները դիմագրաւել կարենալու համար պահանջքները Սփիւռքի, անպայմանօրէն մարդկային եւ նիւթական ներդրումի պէտք կ’ունենան, այլապէս խօսք է, կը քննարկուի, կը վերլուծուի եւ անկէ անդին չ’անցնիր, որովհետեւ պայմանները չկան: Պէտք է հաստատենք, ընդգծենք որ այսօր որեւէ կազմակերպութիւն եթէ պատրաստ չէ մասնագիտական մարդուժ եւ նիւթական ներդրում տրամադրելու, կը ձախողի: Ահա թէ ինչո՞ւ կ’ըսենք հաստատութենական, լուծումները պէտք է հաստատութենական ըլլան: Արեւմտեան Ամերիկայի պարագային պէտք է ըսեմ որ այսօր համայնքը ունի նիւթական եւ մարդուժի կարողականութիւն, կը մնայ որ այն ծրագրերը որոնք պիտի գործադրուին, ըլլան համոզիչ, որակաւոր եւ ունենան շատ բարձր մակարդակի չափանիշեր, որ պիտի դարձնէ համոզիչ բարերարներուն եւ ներդնողներուն: Լուրջ առաջարկ պէտք է ունենաս, բացատրես ի՞նչն է խնդիրը, ինչո՞ւ համար այս խնդիրը կարեւոր է , ի՞նչ կ’առաջարկուի, որպէսզի այդ խնդիրները լուծուին, պիտի արդարացուի ամէն ինչ եւ կազմուի լաւ մշակուած եւ գործադրելի առաջարկ մը: Եթէ ատիկա ունենաս, նիւթականը կայ: Կրնամ փորձառութեամբս հաստատել, որ այդ հնարաւորութիւնները կան:
Տեսակցեցաւ՝ ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Հարցազրոյցին ամբողջութեան տեսանիւթին հմար այցելել.- https://youtu.be/byuO_nsxJ8I


