Սփիւռք, Եկեղեցի եւ Ինքնութիւն

Darperag21 logo

Սփիւռք, Եկեղեցի եւ Ինքնութիւն․ Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի դիտարկումները «Նոր Յառաջ»-ին

«Տարբերակ21» 11 Ապրիլ 2026

«Նոր Յառաջ» օրաթերթի վերջին համարին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյց մը, զոր վարած է Ժիրայր Չոլաքեան, կը ներկայացնէ ընկերաբան եւ սփիւռքագէտ Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի խորքային դիտարկումները՝ 21-րդ դարու Սփիւռքի մէջ Հայ Եկեղեցւոյ դերին, ինքնութեան վերաձեւաւորման եւ հաստատութենական նորարարութեան հրամայականին շուրջ։

Դոկտ. Չիլինկիրեան, որ երկար տարիներ դասաւանդած է Օքսֆորտի եւ Քեմպրիճի համալսարաններուն մէջ, ներկայիս կը դասախօսէ Փարիզի INALCO համալսարանին մէջ եւ կը վարէ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Հաստատութենական Նորարարութեան (Institutional Innovation) տնօրէնի պաշտօնը, իր տարիներու փորձառութեամբ լուսարձակի տակ կ’առնէ այն հիմնարար հարցերը, որոնք կը վերաբերին սփիւռքեան կեանքին եւ անոր կառոյցներուն։

Եկեղեցւոյ դերի փոփոխութիւնը

Պատմականօրէն հայ եկեղեցին եղած է ազգային ինքնութեան հիմնական սիւներէն մէկը՝ լեզուի եւ մշակոյթի կողքին։ Սակայն, ըստ վերջին ուսումնասիրութիւններուն, այս պատկերը զգալիօրէն փոխուած է։ Այսօր սփիւռքեան ինքնութիւնը աւելի յաճախ կը սահմանուի ընտանիքով, լեզուով եւ մշակոյթով, մինչ եկեղեցին այլեւս առաջնային դերակատարութիւն չունի։ Այս իրողութիւնը, Չիլինկիրեանի համաձայն, խորքային փոփոխութիւն մըն է, որ տակաւին լիարժէք կերպով չէ ըմբռնուած կամ վերլուծուած մեր հասարակական մտածողութեան մէջ։

Պատմական շրջադարձեր եւ նոր իրողութիւններ

Հարցազրոյցին մէջ առանձնացուած են երեք հիմնական փոխակերպումներ, որոնք ազդած են սփիւռքեան կեանքին․ առաջինը՝ միլլէթ համակարգի անկումը, ուր կրօնքը կը սահմանէր համայնքային ինքնութիւնը, երկրորդը՝ հայկական պետականութեան վերականգնումը 1991-էն ետք, եւ երրորդը՝ սփիւռքի աստիճանական արեւմտայնացումը։

Այս փոփոխութիւնները անհրաժեշտ կը դարձնեն վերաիմաստաւորումը հաստատութիւններու, յատկապէս եկեղեցւոյ դերին, որ այլեւս չի գործեր պատմական նոյն պայմաններուն մէջ։

Հասարակութիւն եւ հաստատութիւններու միջեւ բախում

Չիլինկիրեան կ’ընդգծէ, որ այսօր լուրջ անհամապատասխանութիւն մը գոյութիւն ունի․ մինչ հասարակութիւնը կ’ապրի 21-րդ դարու իրողութիւններով, անդին հաստատութիւնները կը շարունակեն գործել 19-րդ եւ 20-րդ դարերու մտածողութեամբ։

Այս «հասկացողութիւններու բախումը» կը խոչընդոտէ բնական զարգացումը եւ կը խորացնէ հաստատութիւններուն եւ հասարակութեան միջեւ եղած հեռաւորութիւնը։

Կրօնք եւ հաւատք՝ տարբեր ըմբռնումներ

Հարցազրոյցը կը տարբերակէ կրօնքը որպէս կառոյց եւ հաւատքը որպէս ապրուած փորձառութիւն։ Չիլինկիրեան կը մատնանշէ, որ կրօնքը յաճախ օգտագործուած է քաղաքական կամ գաղափարախօսական նպատակներով, մինչդեռ եկեղեցւոյ հիմնական առաքելութիւնը պէտք է մնայ արժէքներու փոխանցումն ու հոգեւոր կեանքի հարստացումը։ Այս դիտանկիւնը կը բացատրէ, թէ ինչու եկեղեցին պէտք է նուազ զբաղի վարչական կամ քաղաքական հարցերով եւ կեդրոնանայ իր բարոյական դերին վրայ։

Առաքելութեան վերասահմանումի հրամայականը

ի՞նչ է եկեղեցւոյ առաքելութիւնը այսօր, հիմնական հարցում մը, որ պէտք է յստակացնել: Սփիւռքի մէջ շատեր կը սպասեն, որ եկեղեցին դառնայ արժէքային համակարգի ձեւաւորման եւ պահպանման տարածք մը, ուր հաւատքը կը վերածուի առօրեայ ապրուած փորձառութեան։

Հաստատութենական նորարարութիւն

Չիլինկիրեան կը ներկայացնէ նաեւ Արեւմտեան թեմին մէջ ընթացող հաստատութենական նորարարութեան նախաձեռնութիւնը։ Անոր նպատակն է՝ յստակօրէն ձեւակերպել առաքելութիւնը, տեսիլքը եւ արժէքները, համայնքները ներառել որոշումներու գործընթացին մէջ եւ մշակել նոր ծրագրեր, որոնք կը համապատասխանեն ժամանակի պահանջներուն։ Նաեւ կարեւոր կը նկատուի բովանդակութիւն ստեղծող մետիայի եւ նորարարական կեդրոնի մը հիմնումը, որու միջոցով կարելի ըլլայ հաւատքն ու մշակոյթը փոխանցել արդի միջոցներով։

Հոգեւորականներու պատրաստութեան խնդիրը

Հարցազրոյցը կը շեշտէ նաեւ հոգեւորականներու թիւի նուազումը եւ այն փաստը, որ Սփիւռքը գրեթէ չի ստեղծեր իր սեփական հոգեւորականները։ Այս իրողութիւնը կը յառաջացնէ մշակութային եւ լեզուական խզում մը, յատկապէս երիտասարդ սերունդին հետ, եւ կը վտանգէ եկեղեցւոյ կապը համայնքին հետ։

Մասնագիտական մօտեցումի անհրաժեշտութիւնը

Վերջապէս, Չիլինկիրեան կը հաստատէ, որ որեւէ բարեփոխութիւն անհնար է առանց նիւթական եւ մարդկային ներդրումի։ Մասնագիտական մօտեցումը, լաւ մշակուած ծրագրերը եւ յստակ տեսլականը անհրաժեշտ պայմաններ են իրական փոփոխութիւններու համար։

Եզրակացութիւն

Հարցազրոյցը կը մատնանշէ, որ Հայ Եկեղեցին սփիւռքի մէջ կանգնած է կարեւոր հանգրուանի մը առջեւ։ Ան պէտք է վերաիմաստաւորէ իր դերը, յարմարի նոր իրողութիւններուն եւ ոչ թէ միայն հաստատութիւն դառնայ, այլ արժէքային եւ հոգեւոր կենդանի ներկայութիւն։ Հակառակ պարագային, ան կրնայ աւելի հեռանալ այն հասարակութենէն, որուն կը ձգտի ծառայել։

Վ.Թ.

Հարցազրոյցին տեսագրութիւնը ամբողջութեամբ՝ հետեւեալ կապով. https://youtu.be/byuO_nsxJ8I

2026-04-11
e-mail: info@hrach.info
Copyright © 2026 Hratch Tchilingirian. All rights reserved.